Կիրակի, 22 Մարտ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ Օման այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Օմանի սուլթանական գրասենեակի պետական նախարար սուլթան Նոհմանիի հետ։
Նախարար Մըքտատ Օմանի սուլթան Հայսամ պըն Թարէք ալ Սաիտին փոխանցեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի ողջոյնները, ետքը նախարար Նոհմանիի հետ խորհրդակցեցաւ Սուրիոյ իրավիճակին շուրջ։
Իր կարգին, Նոհմանի շեշտեց Օմանի եւ Սուրիոյ միջեւ եղբայրական կայուն կապին կարեւորութիւնը՝ վստահեցնելով, որ Սուրիա պիտի յաղթահարէ տագնապը եւ վերականգնէ տարածաշրջանի մէջ իր երբեմնի փայլուն դիրքը։
Նախարար Մըքտատ այցելութիւն տուաւ նաեւ օմանցի իր պաշտօնակից Պատր Պորսաիտիին։ Կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման միջոցներուն շուրջ։
Այնուհետեւ, կողմերը համաձայնագիր մը ստորագրեցին, որուն համաձայն դիւանագիտական, անձնական եւ ծառայողական անձնագիր կրող քաղաքացիներէն Օման-Սուրիա մուտքի արտօնագիր պիտի չպահանջուի։
Մըքտատ այլ հանդիպում մը ունեցաւ սուլթանի անձնական ներկայացուցիչ, միջազգային յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան հարցերու փոխվարչապետ Ասաատ պըն Թարէք ալ Սաիտի հետ, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ եւ Օմանի գործակցութիւնը զարգացնելու միջոցները՝ ի նպաստ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն։
Օմանի սուրիական դեսպանատան մէջ Մըքտատ հանդիպում ունեցաւ սուրիական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որուն ընթացքին ներկայացուց Սուրիոյ քաղաքական եւ ընկերային կեանքի վերջին զարգացումները։