«Արմէնփրէս».-Սերպիոյ Հանրապետութիւն պաշտօնական այցելութեան աւարտին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան տիկնոջ` Նունէ Սարգսեանի հետ հանդիպած է Սերպիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախագահ Սարգսեան նախ տեղեկացուցած է պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն եւ ձեռքբերուած համաձայնութիւններուն մասին: Նշելով, որ հայ ու սերպ ժողովուրդները ունեցած են ընդհանուր պատմութիւն եւ նման ճակատագիր` նախագահը շեշտած է, որ այժմ նոյնպէս երկու երկիրները շատ նման հարցեր ունին:
Սերպիոյ հետ գործակցութիւնը սերտացնելու միւս պատճառներէն մէկը նախագահը ճարտարագիտական ոլորտներու մէջ այդ երկրի մեծ ներուժը համարած է:
Ան շեշտած է, որ Հայաստանն ու Սերպիան կարիք ունին զարգացնելու նաեւ երթեւեկային կապերն ու զբօսաշրջութիւնը խթանելու: Երկու երկիրները սնունդի արտադրութեան ոլորտի մէջ եւս մեծ ներուժ ունին եւ կրնան ներդրումներ ներգրաւել այս եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ:
Հայաստանի նախագահը այնուհետեւ անդրադարձած է պաշտօնական այցելութեամբ ձեռքբերուած համաձայնութիւններուն:
Սերպիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները ծափողջոյններով ընդունած են Հայաստանի քաղաքացիները` առանց մուտքի արտօնագիրի Սերպիա այցելելու, մինչեւ տարեվերջ Հայաստանի մէջ Սերպիոյ դեսպանատուն բանալու համաձայնութիւններու մասին տեղեկութիւնը:
Այնուհետեւ նախագահը պատասխանած է համայնքի ներկայացուցիչներու հարցումներուն, որոնք յատկապէս երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման կը վերաբերի, երկու երկիրներու միջեւ օդային հաղորդակցութեան հաստատման, համատեղ մշակութային միջոցառումներու կազմակերպման եւ այլն: