«Արցախփրէս».-Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը խորապէս մտահոգուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիսային հատուածին մէջ իրադրութեան լարուածութեամբ եւ կը դատապարտէ իրավիճակի միտումնաւոր սրման ուղղուած քայլերը:
Վերջին միջադէպերուն ընթացքին զոհուած է ՀՀ Զինեալ Ուժերէն մէկ հոգի եւ վիրաւորուած է երեք զինուորական ծառայող: Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան անդրադառնալով վերջին օրերու սահմանային միջադէպերուն ըսաւ.
«ՀՀ ԱԳՆ մշտական համակարգման մէջ է Պաշտպանութեան Նախարարութեան հետ: Ի գործ դրուած են բոլոր մատչելի միջոցները լարուածութեան նուազեցման համար: Վկայակոչելով ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու 20 Յունիսի յայտարարութիւնը` հայկական կողմը կը պնդէ, որ ատրպէյճանական կողմը պէտք է ձեռնպահ մնայ որեւէ սադրիչ գործողութենէն, ներառեալ հայ-ատրպէյճանական միջազգային սահմանի երկայնքով ռազմական ամրաշինական, երկրաչափական աշխատանքներու կատարումէն եւ ասոնցմով ենթադրեալ քաղաքացիական անձերու ներգրաւումէն»: