11 Հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի բարեկամներու համաժողով, որուն նպատակն է ընդլայնել եւ ամրապնդել Արցախի Հանրապետութեան ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը օտարերկրեայ պետութիւններու տարբեր շրջաններու եւ քաղաքներու հետ, նոր ազդակ եւ գործնական բնոյթ հաղորդել Արցախի արդէն առկայ միջազգային կապերուն, ինչպէս նաեւ ստեղծել Արցախին աջակցող քաղաքական եւ հասարակական գործիչները միաւորող ցանց:
Համաժողովին պիտի մասնակցին տարբեր երկիրներու մէջ գործող Արցախի հետ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու եւ շրջանակներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, պատուիրակութիւններ Արցախի անկախութիւնը ճանչցած կամ Արցախի հետ համագործակցող վարչատարածքային միաւորներէն. ընդհանուր` շուրջ 30 երկիրներէն աւելի քան 150 քաղաքական-հասարակական գործիչներ եւ մտաւորականներ:
Համաժողովին ուղերձով հանդէս պիտի գայ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան: Ելոյթներ պիտի ունենան Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը, Պետական նախարարը, Արտաքին գործոց, Կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան, Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարները, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Հայ Դատի Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի գրասենեակներու ներկայացուցիչները:
Համաժողովի քննարկումները պիտի կատարուին երկու թեմաներու շուրջ.
ա) «Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը».
բ) «Արցախի Հանրապետութեան միջազգային կապերու ընդլայնման հնարաւորութիւնները տնտեսական, մշակութային եւ գիտակրթական ոլորտներէն ներս` Արցախի մեկուսացման ուղղուած Ատրպէյճանի քաղաքականութեան դիմագրաւելու նպատակով»:
Համաժողովը կ’ընդունի հռչակագիր:
Համաժողովի համակազմակերպիչներն են Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնն ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:
Արցախի Հանրապետութեան
Արտաքին Գործոց Նախարարութեան
Տեղեկատուութեան եւ Հասարակայնութեան Հետ Կապերու Վարչութիւն