«Ալիք».-Հայաստանէն ժամանած քաղաքական գործիչ, տնտեսագէտ եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան իր Նոր Ջուղա կատարած այցելութեան ընթացքին, Շաբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան այցելելով Ս. Ամենափրկիչ վանք հանդիպեցաւ Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սիփան Եպս. Քէչէճեանին, Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական ու Կրօնական խորհուրդներու եւ շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն:
Հանդիպումին ընթացքին զրոյց ընթացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ քաղաքական կացութեան մասին:
Ապա ան շրջեցաւ Ս. Ամենափրկիչ վանքի տարածքը՝ այցելելով նախ Ս. Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցի, ապա «Նոր Ջուղայի Ազգագրական», «Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի» թանգարաններ եւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» գրադարան, ուր մօտէն ծանօթացաւ Նոր Ջուղայի հարստութիւններուն: