«Ապառաժ».- Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորը արդէն երրորդ տարին է, որ «Այցելութիւն դիրքապահ զինուորին» ծրագիրը կը կազմակերպէ մեկնելով Արցախի զօրամասերէն մէկը: Այս տարին եւս բացառութիւն չէր. ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի անդամները Արցախեան միրգերն ու քաղցրեղէնը հասցուցած են սահմանապահ զինուորներուն:
Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորը Արցախի մէջ բազմաթիւ ծրագիրներ կ’իրականացնէ եւ աւանդական ծրագիրներէն է դիրքապահ զինուորները այցելելը: ՀՕՄ-ի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի տնօրէն Նելլի Ղուլեան յայտնած է, որ տարուան ընթացքին նուազագոյնը երկու անգամ կ’այցելեն զօրամասեր: