«Երկիր».- ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ 14 Հոկտեմբերին Լոնտոնի Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի Խորհրդարանական վեհաժողովի նիստին` պատասխանելով հայ պատուիրակի հարցումին յայտարարած է, որ ՆԱԹՕ-ն կ’աջակցի ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակիի համանախագահներուն` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական լուծման ջանքերուն:
«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է հաւասարապէս ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներու համար: Այս ուղերձը ամբողջովին կը համապատասխանէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` հասարակութիւններուն խաղաղութեան նախապատրաստելու մասին կոչերուն: Ցաւօք, միւս կողմը համապատասխան չէ արձագանգած այս յայտարարութեան: Աւելին, ան կը շարունակէ իր ռազմական հռետորաբանութիւնը»: Այս առնչութեամբ հարց տրուեցաւ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքը նպաստել ԼՂ հակամարտութան արդար եւ տեւական լուծման, եւ յատկապէս ինչպէս կրնայ ՆԱԹՕ-ն աջակցիլ Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն:
Սթոլթենպերկ նախ յայտնած է, որ հանդիպած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ 25 Սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի մէջ եւ շատ լաւ որակած է քննարկուած հարցերով ընթացող հանդիպումը:
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը տակաւին կարգաւորուած չէ, եւ մենք մտահոգուած ենք, որ չենք կրցած գտնել քաղաքական եւ մշտական լուծում այդ հակամարտութեան: Ակնյայտ է, որ այդ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: ՆԱԹՕ-ն ուղղակիօրէն դերակատարութիւն չունի, բայց մենք կ’աջակցինք ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն գտնելու համար քաղաքական լուծում» դիտել տուած է դաշինքի գլխաւոր քարտուղարը: