Երկուշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2019-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան այցելեց Կիլիկեան Ճեմարան: Սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ Կիլիկեան շրջանակի պատասխանատու տիար Աւետիս Խոշաֆեանի, Կիլիկեան վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ բժ. Յովիկ Աթոքեանի, հոգաբարձութեան անդամներուն եւ Կիլիկեանի տնօրէնութեան կողմէ: Այցելութեան առաջին հանգրուանը Ճեմարանի նախկին կառոյցն էր, որ պատերազմի տարիներուն վնասուած եւ աստիճանաբար նորոգուած էր: Ապա սրբազան հայրը այցելեց Կիլիկեան մանկապարտէզ եւ նախակրթարան:
Այնուհետեւ Կիլիկեան Ճեմարանի բոլոր աշակերտները համախմբուեցան վարժարանի շրջափակին մէջ, ունկնդրելու սրբազան հօր բարի մաղթանքները: Սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց վերականգնումի աշխատանքներուն համար, դիտել տալով որ դպրոցներուն վերականգնումը հիմնական փուլն է համայնքի վերաշինութեան աշխատանքներուն, որովհետեւ հայ դպրոցն է, որ հայ պիտի պահէ մեր սերունդները՝ հայեցի կրթութիւն ջամբելով անոնց: Այս առիթով սրբազան հայրը գնահատեց կրթական մշակները, որոնք նուիրումով լծուած են հայեցի կրթութեան, դաստիարակութեան վսեմ առաքելութեան: Ապա օրհնելով վարժարանը, աշակերտութիւնն ու պատասխանատու կազմը, բարի ուսումնական տարի մաղթեց բոլորին:

Սրբազան հայրը առանձին հանդիպում ունեցաւ նաեւ տնօրէնին, ուսուցչական կազմին եւ Կիլիկեան շրջանակի պատասխանատուներուն հետ, մօտէն ծանօթացաւ վարժարանի անցեալին, պատերազմէն կրած վնասներուն եւ ներկայ վիճակին ու բարձրօրէն գնահատեց տարուած աշխատանքը:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումի աւարտին, վարժարանի տնօրէնութիւնը սրբազան հօր նուիրեց Կիլիկեան Կրթական Հաստատութեան 75-ամեայ Յուշամատեանը:

Սրբազան հօր կ՛ընկերանար Տէր Նարեկ Քահանայ Զերենցեան: