Երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2019-ին, «Ռուսիա Այսօր» կայքը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահութեան բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտեց, որ Փութին իր թուրք պաշտօնակից Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի հետ պիտի քննարկէ Ուաշինկթընի եւ Անգարայի սուր մեկնաբանութիւնները
Փութինի եւ Էրտողանի միջեւ տեղի ունենալիք խորհրդակցութեան առնչութեամբ Փեսքով ըսաւ. «Ռուսիա լրջօրէն կը ձգտի Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանի վերջին զարգացումներուն շուրջ խորհրդակցելու եւ իրազեկ դառնալու թրքական յառաջիկայ ծրագիրներուն, ապա զանոնք համեմատելու Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման յատուկ ծրագիրներուն հետ»:
Յիշենք, որ այսօր՝ 22 Հոկտեմբեր 2019-ին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան պաշտօնական այցելութեամբ Ռուսիա մեկնեցաւ: Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահին հետ տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: