«Արմէնփրէս».- Արցախի արտաքին գործոց նախարարին հարց տրուեցաւ, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնը, ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներուն հետ հանդիպումին ընթացքին, Ան պատասխանեց. «Թուրքիան ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով չէզոք կողմ չէ, հետեւաբար առարկայականօրէն չի կրնար որեւէ դրական դերակատարութիւն ունենալ: Փաստ է, որ Թուրքիան Ատրպէյճանի դաշնակիցն է. սկսեալ 1988 թուականէն` ղարաբաղեան շարժման սկզբնաւորումէն, եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ողջ ընթացքին Թուրքիան սատարած է ատրպէյճանական կողմին:
Աւելին` 2016 -ի Ապրիլին, Թուրքիան բացայայտ կերպով աջակցած է Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութեան` հակառակ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն եւ, ընդհանրապէս, միջազգային հանրութեան կոչերուն` անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները: Ատրպէյճանի անվերապահօրէն աջակցելու Անքարայի քաղաքականութիւնը ոչ միայն կը հակասէ Թուրքիոյ կարգավիճակին որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամի, այլեւ կը խափանէ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման ուղղուած միջազգային միջնորդներուն ջանքերը»: