«Ասպարէզ».- «Ֆիլոս Ծրագիր» կազմակերպութեան, Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորի-ամերիկացիներու միութեան, Ամերիկա-Հելլենական խորհուրդին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին միացեալ ջանքերով, Երկուշաբթի, 17 Փետրուարի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին «Թամ Պրետլի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պենի Մորիսի եւ Տրոր Զեւիի համահեղինակած՝ «The Thirty-Year Genocide: Turkey՛s Destruction of its Christian Minorities» («30 Տարիներու Ցեղասպանութիւնը. Քրիստոնեայ Փոքրամասնութիւններուն Թուրքիոյ Կողմէ Բնաջնջումը») հատորին ներկայացումը:
Ներկայացումը կատարուեցաւ հատորին հեղինակներէն՝ Մորիսի եւ «Ֆիլոս Ծրագիր» կազմակերպութենէն Ռապըրթ Նիքըլսընի միջեւ զրոյցի մը ընդմէջէն, որուն աւարտին ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ հարցնելու, ստանալով գոհացուցիչ պատասխաններ:
Ձեռնարկին ներկայ էին Լոս Անճելըսի քաղաքապետի տեղակալ՝ դեսպան Նինա Խաչիկեան, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի եւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լօրա Ֆրիտմընի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ հեղինակաւոր պատմագէտ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան։
Ներկայացման հանդիսավարն էր Ճուլիանա Թայմուրազի, իսկ ընթացքին ելոյթներ ունեցան նաեւ կազմակերպիչներու ներկայացուցիչները՝ դոկտ. Ճէյզմ Տիմիթրու, Փիթըր Ուարտա եւ Արմէն Սահակեան։