«Արմէնփրէս».- ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 12 Մարտին երեկոյեան ընդունած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասպրչիքը:
Հանդիպումի ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը դեսպանին ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին եւ արցախա-ատրպէյճանական ուժերու շփման գիծին տիրող իրավիճակը, հրադադարի վարչակարգի խախտման յաճախականութիւնն ու բնոյթը: Պաշտպանական գերտեսչութեան ղեկավարը, մասնաւորապէս, մտահոգութիւն յայտնած է վերջին օրերուն հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի որոշ հատուածներուն մէջ հակառակորդի գործողութիւններու աշխուժացման փորձերուն: Դաւիթ Տօնոյեան յայտնած է, որ տարածաշրջանային ռազմաքաղաքական զարգացումները, միջազգային տնտեսական, համաճարակային վիճակը, եղանակային պայմանները եւ շարք մը այլ գործօններ կը մեծցնեն իրավիճակի ապակայունացման հաւանականութիւնը: Այս առումով պաշտպանութեան նախարարը կարեւոր համարած է լարուածութեան թուլացման նախաձեռնութիւններու շուտափոյթ իրականացումը` նոր սադրանքները բացառելու առումով:
Դեսպան Քասպրչիք պատրաստակամութիւն յայտնած է առաւելագոյն ջանքեր գործադրել լարուածութեան թուլացման ուղղուած իր միջնորդի առաքելութեան մէջ:
Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ գերութեան եւ բանտարկութեան մէջ պահուող քաղաքացիներուն կապուած մարդասիրական հարցեր: