«Ապառաժ».-12 Մարտին Դաշնակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Դաւիթ Իշխանեան, պատգամաւորի թեկնածուներ Վահրամ Բալայեան, Արմէն Սարգսեան եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան նախընտրական քարոզարշաւի շրջանակին մէջ հանդիպած են Արցախի պետական համալսարանի փրոֆէսորադասախօսական անձնակազմին եւ ուսանողութեան հետ:
Մինչ հանդիպումը, Դաշնակցութեան թեկնածուները Արցախի Պետական Համալսարանի ղեկավար Արմէն Սարգսեանի ուղեկցութեամբ ծաղիկներ դրած են Արցախեան ազատամարտին նահատակուած ուսանողներու յուշակոթողի պատուանդանին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած են:
Դաշնակցութեան թեկնածուներուն նախ ներկայացուց ղեկավար Արմէն Սարգսեան` նշելով, որ գոյութեան 130-տարիներու ընթացքին ՀՅԴ-ն ազգանպաստ գործունէութիւն ծաւալած է` իր զգալի ներդրումը ունենալով նաեւ Արցախեան ազատագրական պատերազմին յաղթանակի կերտման եւ պետականաշինութեան գործին մէջ:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, պատգամաւորի թեկնածու Վահրամ Բալայեան իր խօսքին մէջ համառօտ անդրադարձած է Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ու սկզբունքներուն, որոնք արդիական են նաեւ աշխարհաքաղաքական ներկայ բարդ ժամանակահատուածին:
Այնուհետեւ ԱՐՊՀ-ի մէջ տեղի ունեցած նախընտրական հանդիպումը ընթացած է հարցուպատասխանի ձեւաչափով, որուն ընթացքին ներկաները Դաշնակցութեան թեկնածուներէն հետաքրքրուած են ՀՅԴ ընկերվարական գաղափարախօսութեան առանձնայատկութիւններով, Արցախեան հիմնահարցի լուծման, անվճար բուհական կրթութեան անցնելու պարագային` հարցերու հաւանականութեան ու երիտասարդութեան ներուժի ինքնադրսեւորման մասին անոնց տեսլականով: