«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին:
«Ատրպէյճանի նախագահը նորանշանակ խորհրդարանի բացման նիստին հանդէս եկած է ընդարձակ ելոյթով, որուն մէջ հերթականօրէն տեղ գտած են Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ ատելութեան խօսքի յստակ դրսեւորումներ:
Վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն ղեկավարութեան ցած մակարդակը, քաղաքական եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներ կատարելու անկարողութիւնը Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն քօղարկել բացասական, անհիմն եւ մտացածին պնդումներով, որոնք Հայաստանէն եւ հայ ժողովուրդէն դուրս ուղղուած են նաեւ եւրոպական երկիրներուն, եւրոպական կառոյցներուն, Ատրպէյճանի մէջ ընտրութիւնները դիտարկած միջազգային դիտորդական առաքելութեան:
Յատկապէս մտահոգիչ է այն, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ իր անհիմն մեղադրանքներով չարաշահել կրօնական քարտը` մէկ կողմէն եւրոպական երկրները մեղադրելով կրօնական հողին վրայ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները խախտումներու մէջ, իսկ միւս կողմէն` կրօնական համերաշխութեան կոչ ընելով ԼՂ հակամարտութեան գծով:
Ատրպէյճանի նախագահի կողմէն պատմական եւ աշխարհագրական նոր ‹‹յայտնագործութիւն»ներով ուղեկցուող հայ ժողովուրդին հանդէպ թշնամանքի քարոզը արմատապէս կը հակասէ վերջին շրջանին խաղաղութեան համար բարենպաստ միջավայր ձեւաւորելու եւ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու Ատրպէյճանի յանձնառութիւններուն:
Այս տեսակէտով պէտք է փաստել, որ Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու առկայ խիստ ցած չափանիշները լրջօրէն խոչընդոտ են ԼՂ խաղաղ գործընթացի առաջանալուն, յատկապէս այդ գործընթացով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման:
Սեփական ղեկավարութիւնը դրացի ժողովուրդին հանդէպ ատելութեան եւ միջազգային համայնքին հանդէպ անվստահութեան վրայ կառուցելու Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան փորձերը անպատասխանատու են եւ կրնան վտանգել տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը»: