Շաբաթ, 14 Մարտ 2020-ին, Սուրիոյ կրթութեան նախարար Իմատ Ազպ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախարարութիւնը պսակաձեւ «Քորոնա» ժահրէն նախազգուշանալու համար որոշում առաւ Սուրիոյ բոլոր վարժարաններէն ներս միջնակարգի «պրովէ» եւ երկրորդականի «պաքալորիա» կարգերու փորձ քննութիւնները չեղեալ համարել՝ աշակերտները ապահով եւ առողջ պահելու համար։