«Ապառաժ».-ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) եւ «Chevy Chase» վիրաբուժական կեդրոնը, պսակաձեւ ժահրի տարածման եւ կանխարգիլման անհրաժեշտութենէն մեկնելով, օժանդակութիւն ուղարկած են ՀՀ եւ Արցախ:
Ստացուած անհրաժեշտ պարագաներուն մէջ կան դիմակներ, հականեխիչ նիւթեր, բամպակեայ սպունգներ, բախիլներ, ջերմաչափեր, ձեռնոցներ, ախտորոշիչ կազմածներ եւ այլն, որոնք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցով պիտի յանձնուին Առողջապահութեան Նախարարութեան: