Պսակաձեւ (Քորոնա) ժահրէն նախազգուշանալու քայլերը նկատի ունենալով, Շաբաթ, 14 Մարտ 2020-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց 2020-ի 86 թուակիր հրամանագիրը, ըստ որուն յառաջիկայ 13 Ապրիլ 2020-ին որոշուած Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի յետաձգուին եւ տեղի պիտի ունենան 20 Մայիս 2020-ին։