Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ռաս ուլ Մաարա գիւղի բնակչութեան մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 16 նոր պարագաներ արձանագրուած են։ Այս տուեալներով երկրին մէջ վարակուածներուն ընդհ. թիւը հասած է 141-ի։

Նախարարութիւնը մեկուսացման ենթարկած է գիւղը՝ կանխելու համար վարակին տարածումը։