Վերջերս, սուրիական լիրան թաւալգլոր անկում սկսաւ արձանագրել։

Այսօր, սուրիական լիրային սակը ամ. տոլարին դիմաց հասաւ 2300 ս.ո.-ի։
RT լրատուակայանին համաձայն, մինչ պետական սակը 700 ս.ո. է մէկ ամ. տոլարին դիմաց, սեւ շուկային մէջ սակը, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, կ՚անցնի 2300-ի սահմանը։

Տնտեսագէտներ կը յայտնեն, որ սուրիական լիրային անկումն ու անոր հետեւանքով արձանագրուող սղաճը տնտեսական ծանր կացութեան կրնան մատնել ժողովուրդը։

Աւելցնենք , որ Սուրիոյ կեդրոնական դրամատունը անցեալ շաբաթ հանդէս եկած էր հաղորդագրութեամբ մը, ուր յայտնած էր, որ խստագոյն պատիժներ պիտի սահմանէ բոլոր այն անձերուն, հաստատութիւններուն, թէ ընկերութիւններուն նկատմամբ, որոնք կը շահագործեն սուրիական լիրան, աւելցնելով որ դրամատունը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ վերականգնելու լիրայի փոխանակման արժէքը։