Կիրակի, 14 Յունիսի առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) խուզարկեց Գագիկ Ծառուկեանի Առինջի մէջ գտնուող առանձնատունը: Այնուհետեւ Գագիկ Ծառուկեան իր տան դիմաց հաւաքուածներուն յայտարարեց, թէ իրեն նկատմամբ քաղաքական ճնշումի փորձ կը կատարուի, եւ որ «ամէն ինչ սարքուած է»` աւելցնելով, որ ինք կ՛երթայ հարցաքննութեան:
ԱԱԾ-ի շէնքին դիմաց հաւաքուեցան Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան (ԲՀԿ) խմբակցութեան պատգամաւորները, ինչպէս նաեւ խումբ մը քաղաքացիներ, որոնք ներկայացան իբրեւ կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի աջակիցներ:
ԱԱԾ-ին դիմաց հաւաքուած ԲՀԿ-ական պատգամաւորները, յատկապէս Շաքէ Իսայեան յայտարարեց, որ իրենք ունին ներքին տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն Գագիկ Ծառուկեանը պիտի ձերբակալեն, իսկ Ազգային ժողովին մէջ անոր անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութիւն պիտի ներկայացուի: ԲՀԿ-ականները շարունակեցին պնդել, թէ եղածը քաղաքական հետապնդում է:
Աւելի ուշ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը 2 հաղորդագրութիւններով հանդէս եկաւ` տեղեկացնելով Ծառուկեանի ընտանիքին պատկանող «Շանկրի Լա» եւ «Օնիրա Քլապ» ընկերութիւններու ապօրինի գործունէութեան մասին: Այդ հաղորդագրութեան համաձայն, ապօրինի գործունէութեան իբրեւ հետեւանք պետութեան պատճառ դարձած է աւելի քան 29 միլիառ դրամի վնաս: Միւս հաղորդագրութեամբ, ըստ ԱԱԾ-ի, բացայայտուած են ԲՀԿ անդամներու կողմէ ընտրողները կաշառելու հարիւրաւոր դէպքեր:
Ոստիկանները անընդհատ յորդորեցին ցուցարարները` պահպանելու ընկերային հեռաւորութիւն, սակայն ընթացքին բախումներ տեղի ունեցան, եւ ոստիկանները բերման ենթարկեցին քաղաքացիներ:
Հետագային փաստաբան Նարեկ Ալոյեան իր դիմատետրի էջին կատարած էր հետեւեալ գրառումը. «Քիչ անց Գագիկ Ծառուկեան դուրս կու գայ ԱԱԾ քննչական բաժինէն: Ապա աւելցուց է հետեւեալը.
«Համառօտ հիմնական հարցերու մասին․
1․Գագիկ Ծառուկեանը չէ ձերբակալուած
ՀՀ Սահմանադրութեան համաձայն, ՀՀ ԱԺ պատգամաւորը կրնայ ձերբակալուիլ Ազգային ժողովին համաձայնութեամբ (նման համաձայնութիւն առկայ չէ), կամ յանցագործութեան կատարման պահուն (նման փաստական հիմք առկայ չէ), հետևաբար Գագիկ Ծառուկեանի ձերբակալման իրաւական հիմքերը կը բացակային։
2․ Հարցաքննութեան տևողութեան մասին
Հարցաքննութեան տևողութիւնը մէկ օրուան մէջ չի կրնար գերազանցել 8 ժամը՝ հարցաքննուող անձին ԱՌՆՈՒԱԶՆ մէկ ժամ ընդմիջում տրամադրելու պայմանով (ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 205․1 յօդուածի 1-ին և 2-րդ մասեր)։
3․ Գագիկ Ծառուկեանի կապին դուրս չգալու մասին
Քննիչը միջոցներու կը ձեռնարկէ, որպէսզի նոյն գործով կանչուած վկաները, մինչև հարցաքննութեան աւարտը, հաղորդակցութիւն չունենան իրարու հետ (ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 206-րդ յօդուածի 3-րդ մաս):
Այսպիսով՝ Գագիկ Ծառուկեանի ազատութիւնը եւ անձնական անձեռնմխելիութիւնը սահմանափակուած չեն եւ քիչ անց ան դուրս կու գայ ԱԱԾ քննչական բաժինէն»։
Միւս կողմէ, ԱԺ ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեան դիմատետրի իր էջին գրած էր «Քաղաքական որոշում առնուած է, որ Երեքշաբթի գլխաւոր դատախազը մտնէ ԱԺ՝ Գագիկ Ծառուկեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելու եւ որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու միջնորդութեամբ։
ՀՀ գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան այս ուղղութեամբ NEWS.am-ի հարցումին պատասխանելով՝ յայտնած է.
«ԱԺ պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցով Ազգային ժողովին դիմելու որեւէ քաղաքական որոշում չկայ եւ չի կրնար ըլլալ: Այս մասին «Պատգամաւորին նկատմամբ քրէական հետապնդում հարուցելու եւ ազատութենէն զրկելու համաձայնութիւն ստանալու համար Ազգային Ժողովին ՀՀ գլխաւոր դատախազին կողմէ դիմելը քաղաքական գործընթաց չէ: Սա բացառապէս իրաւական հարց է եւ պայմանաւորուած է բացառապէս ձեռք բերուած փաստական տուալներու, ապացոյցներու բաւարարութեամբ:
Այս պահուն քննութիւնը կ՛ընթանայ բացառապէս քրէական գործերով, քննութեան ընթացքէն եւ ձեռք բերուող ապացոյցներու բաւարարութեան հանգամանքով պայմանաւորուած են դատավարական հետագայ գործողութիւնները», ըսած է Աբրահամեան։