ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը ի գիտութիւն ընդունած է Եւրոպական Յանձնաժողովի 5 Ապրիլի յայտարարութիւնները՝ Հայաստանի դիմակայունութեան բարձրացումին մասին՝ տարբեր ներդրումային ծրագիրներու միջոցով, ներառեալ 270 միլիոն Եւրօ դրամաշնորհին, որ ուղղուած է փոքր եւ միջին ընկերութիւններու աջակցութեան: Մենք կարեւոր կը համարենք Եւրոմիութեան շեշտադրումը ենթակառոյցային նախագիծերու վրայ, մասնաւորապէս՝ Սեւ Ծովի ելեկտրահաղորդման մալուխի նախագիծին եւ վերականգնող ելեկտրական ուժի նախաձեռնութիւններու բաժինով, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի տնտեսական աճին եւ զարգացման։
Թէեւ ներդրումներն ու բարեփոխումները կարեւոր են երկրի յառաջընթացին համար, սակայն Հայաստանի առաջնահերթ մարտահրաւէրը անվտանգութեան սպառնալիքն է, որուն կը բախի Ատրպէյճանի յարձակողական, ծաւալապաշտական նկրտումներուն հետեւանքով։
Մենք Եւրոպական Միութեան կոչ կ’ուղղենք յստակ ազդանշաններ ուղարկելու Ատրպէյճանին, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ բոլոր տարածքային հաւակնութիւնները զսպէ, ներառեալ Տաւուշի մարզի այսպէս կոչուած «անկլաւներու» հարցը, ինչպէս նաեւ Սիւնիքի մարզին մէջ արտատարածքային երթեւեկային կապուղիներուն պահանջը, որոնք բացարձակապէս անընդունելի են։ Ատրպէյճանի պահանջները կապ չունին սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին հետ։ Անոր այս վարքագիծը սպառնալիքի կամ ուժի կիրառումով հողեր գրաւելու քաղաքականութիւն է։ Ատրպէյճան պէտք է իր ուժերը դուրս բերէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն, որ կը շարունակէ պահել բռնատիրութեան տակ։
Այսպիսով, մենք Եւրոպական Միութեան կոչ կ’ուղղենք նախանշելու որոշակի, շօշափելի միջոցներ եւ ռազմավարական ծրագիրներ՝ աջակցելու Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անվտանգութեան ու տարածքային ամբողջականութեան` նկատի առնելով Ատրպէյճանէն եկող յարձակումը:
Բացի անկէ, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը կ’ողջունէ «Եւրոպացիները Յանուն Արցախի» հարթակի նախաձեռնութիւնը, որով Եւրոմիութեան ղեկավարութեան կոչ կ’ուղղէ տնտեսական միջոցներ յատկացնելու Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արժանապատիւ կեցութիւն ապահովելու համար, մինչեւ միջազգային պաշտպանութեան ձեւաչափերու գործադրումով կարելի ըլլայ անոնց վերադարձի ապահովումը դէպի Լեռնային Ղարաբաղ։
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, վերջին յայտարարութիւններուն մասին ըսած է․
«Կայ Եւրոմիութեան աջակցութեան խիստ անհրաժեշտութիւն՝ միջազգային պաշտպանութեան տակ Արցախի հայերուն հայրենիք վերադառնալու հաւաքական իրաւունքի իւրացումին համար։ Անոնց վերադարձի ապահովումը կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի կայունութեան եւ ապագային համար։ Աւելին. անհրաժեշտ է, որ Եւրոմիութիւնը ճնշում բանեցնէ Ատրպէյճանի վրայ՝ ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները եւ գերիները։ Հայ Դատի գրասենեակը պատրաստ է գործակցելու Եւրոմիութեան կառոյցներուն եւ միջազգային գործընկերներուն հետ՝ նպաստելու Հայաստանի Հանրապետութեան կայուն եւ բարգաւաճ ապագային»:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ