ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2024-ին, մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի պասքեթի տղոց խումբը Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան Ա. դասակարգ բարձրացաւ։ Մրցումը աւարտեցաւ 70 -67 արդիւնքով՝ ի նպաստ հիւրընկալ Սաուրային, բայց ՀՄԸՄ օգտուելով երթի մրցումին 6 կէտերու տարբերութեամբ արձանագրած յաղթանակէն յաջողեցաւ բարձրանալ Ա. դասակարգ եւ իր տեղը գրաւել Սուրիոյ լաւագոյն խումբերուն մէջ:
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի խումբը 76 – 64  արդիւնքով պարտութեան մատնեց Դամասկոսի ալ- Աշրաֆիէ խումբը: Այս արդիւնքով, ՀՄԸՄ -ի աղջկանց խումբը մնաց Ա. դասակարգի մէջ՝ գրաւելով աղիւսակի 8-րդ դիրքը:
-Շաբաթ օր, Հալէպի ալ-Համատանիէ մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ հանրապետութեան բաժակի տղոց մրցաշարքի աւարտական մրցումը, ուր Հալէպի Ահլին 80 – 63 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Դամասկոսէն ժամանած Ուահտէն: Մրցումի ընթացքին, Ահլին յաջողեցաւ տիրապետել արդիւնքին եւ աւարտին ձեռք ձգել իր պատմութեան ընթացքին 11-րդ հանրապետական բաժակը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊԱՒԱՐԻԱ 2018-ԷՆ Ի ՎԵՐ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆՈՒԵՑԱՒ ՏՈՐԹՄՈՆՏԷՆ
Գերմանիոյ Պունտեսլիքայի 27-րդ փուլի խաղին, Պայերն  Միունեխը իր սեփական դաշտին վրայ  ընդունեց  Պորիսիա Տորթմոնտը եւ կրեց պարտութիւն մը 2 – 0 արդիւնքով: Այսպիսով, Պորուսիա 2018-էն ի վեր առաջին անգամ կը յաջողէր պարտութեան մատնել Պայերն Միունեխը:  Մինչեւ այս հանդիպումը,  Պունտեսլիքան իր  վերջին յաղթանակը տարած  էր 10 Նոյեմբեր 2018-ին,  3- 2 արդիւնքով։ Աւելցնենք, որ  այս  տարեշրջանին, Պայերն Միունեխ կը գրաւէ աղիւսակի երկրորդ դիրքը։ Խումբը 27 հանդիպումներուն ապահոված է 60 կէտ, իսկ Պորիսիան 53 կէտով  կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:
TRANSFERMARKET-Ը ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԸ
Վերջերս Transfermarket-ի մասնագէտները վերամշակած են եւրոպական կարգ մը առաջնութիւններու ֆութպոլիստներու փոխադրութեան արժէքներուն տուեալները, նկատի առնելով բարձրագոյն հինգ լիկաները:Այսպիսով՝ մոլորակի ամենաթանկարժէք ֆութպոլիստները շարունակեցին մնալ Մանչեսթըր Սիթիի յարձակող Էրլինկ Հալանտը, ՓՍՃ-ի ներկայացուցիչ Քիլիան Մպափէն՝‘ Ռէալի ֆութպոլիստ Ճուտ Պելինկհամը։ Անոնց փոխադրութեան արժէքը հասած է  180 միլիոն եւրոյի:
Լաւագոյն քառեակը կ’եզրափակէ դարձեալ Ռէալի ներկայացուցիչ՝ Վինիսիուս Ժունիըրը, որուն փոխադրութեան արժէքն է 150 միլիոն եւրո:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան