Նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններուն միջնորդութեան ընդառաջում կատարուեցաւ, եւ Քոչարեան ազատ պիտի արձակուի` 2 միլիառ դրամ գրաւի դիմաց: Դատական նիստին կը նախագահէր դատաւոր Արսէն Նիկողոսեան:

Վերաքննիչ քրէական դատարանը աւարտեց Քոչարեանի պաշտպաններուն` Քոչարեանի խափանման միջոց կալանքը փոխելու միջնորդութիւնները մերժելու մասին Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշման դէմ բողոքի քննութիւնը:

Աւելի կանուխ Վարչական դատարանը բաւարարած էր Ռ. Քոչարեանի պաշտպան Արամ Օրբէլեանի հայցադիմումը, որուն համաձայն, մինչեւ «Քորոնա» ժահրի աւարտը Քոչարեան պիտի մնար «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնին մէջ:

Երէկ, աւելի ուշ, Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինէն տեղեկացուցին, որ դատախազութիւնը Վերաքննիչ քրէական դատարանի դատաւոր Արսէն Նիկողոսեանի` նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը գրաւի դիմաց ազատ արձակելու որոշման դէմ վճռաբեկ բողոք պիտի ներկայացնէ: