Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի` Շէնգաւիթի նստավայրի դատաւոր Ռոպերթ Պապոյեան մերժեց վարոյթ իրականացնող մարմինի` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանին երկու ամիսով կալանաւորելու միջնորդութիւնը:

Յիշենք, որ միջնորդութեան քննութիւնը տեւած է 3 օր:

Գագիկ Ծառուկեանին մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 154.2 յօդուածով (ընտրողի կողմէ թեկնածուներէ, կուսակցութիւններէ (կուսակցութիւններու դաշինքներէ), հանրաքուէի քարոզչական նախաձեռնութիւններէ կաշառք ստանալը կամ թեկնածուներու, կուսակցութիւններու (կուսակցութիւններու դաշինքներու), հանրաքուէի քարոզչական նախաձեռնութիւններու կողմէ ընտրողներուն կաշառք տալը կամ ընտրողի ազատ կամքի իրականացման խոչընդոտելը), ան մեղադրանքը չէ ընդունած եւ որակած է ապօրինի:

Յիշեցնենք, որ 16 յունիսին Ազգային ժողովը ձայներու 87 կողմ, 0 դէմ յարաբերակցութեամբ որոշած էր Ազգային ժողովի ԲՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու վերաբերեալ ընդհանուր դատախազի միջնորդութեան տալ համաձայնութիւն: Նոյն օրուան այլ որոշումով եւ ձայներու միեւնոյն յարաբերակցութեամբ Ազգային ժողովը որոշում տուած էր Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանը ազատութենէ զրկելու գծով ընդհանուր դատախազի միջնորդութեան տալ համաձայնութիւն:

Աւելի ուշ, դիմատետրի իր էջին վրայ գրառումով մը Հայաստանի ընդհանուր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան տեղեկացուց, թէ Հայաստանի ընդհանուր դատախազութիւնը Հայաստանի վերաքննիչ քրէական դատարանին պիտի բողոքարկէ Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ կալանքը իբրեւ խափանման միջոց ընտրելու վերաբերեալ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական բաժանմունքին ներկայացուցած միջնորդութեան մասին Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի` Ծառուկեանին չկալանաւորելու որոշումը: