Յարգելի՛ գործընկերներ,

Կը տեղեկացնենք, որ 8 Յուլիսին ժամը 13:00-ին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնէն ներս տեղի պիտի ունենայ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Հայրենադարձներ»ու յանձնախումբի մամլոյ ասուլիսը:

Ասուլիսի ընթացքին պիտի ներկայացնենք ստեղծուած իրավիճակին լոյսին տակ  Հայաստանի հայրենադարձներու վիճակը, մեր կողմէն իրականացուող ծրագիրները, ինչպէս նաեւ, պիտի խօսինք այն քայլերուն մասին, զորս անհրաժեշտ է իրականացնել այս իրավիճակին մէջ:

Առանձնաբար կ’անդրադառնանք նաեւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի կողմէն իրականացուող ծրագիրներուն եւ բացթողումներուն:

Յանձնախումբի աշխատանքները եւ ստեղծուած իրավիճակը պիտի ներկայացնեն յանձնախումբի համակարգողներ Սիմոն Գաֆալեան եւ Ժիրայր Պէօճէքեան:

Սիրով կը հրաւիրենք ձեզ ասուլիսը լուսաբանելու:

 

ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ