«Երկիր».-Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի կարգ մը անդամներուն հետ հանդիպում ունեցած է: Հանդիպումին մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Պատասեան, յանձնաժողովի նախագահ, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան, յանձնաժողովի կազմի իրաւաբան-գիտնականներ Անահիտ Մանասեանն ու Արմէն Մազմանեան, «Իրաւաբաններու Հայկական Միութիւն» ՀԿ նախագահ Կարէն Զատոյեան եւ «Իրազեկ Քաղաքացիներու Միաւորում» խորհրդատուական ՀԿ ղեկավար Դանիէլ Իոաննիսեան:

ՀՀ նախագահը  անգամ մը եւս ընդգծելով սահմանադրական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը` վարչապետին կողմէն մասնագիտական նման յանձնաժողովի ստեղծումը ողջունած է:

Հանրապետութեան նախագահը  կարեւոր  համարած է հանրային քննարկումները եւ հասարակութեան լայն մասնակցութիւնը:
Խօսելով երկիրին Հիմնական օրէնքին մասին` նախագահը ըսած է, որ Սահմանադրութիւնը նաեւ մշակոյթ է եւ փիլիսոփայութիւն:
Կարեւոր համարելով զսպումներու եւ հակակշիռներու պարզ ընթացքը` նախագահ Սարգսեան յայտնած է, որ այդ մէկը կարելիութիւն կու տայ խուսափելու այնպիսի հարցերէն ու իրավիճակներէն, որոնց հետ անցնող երկու տարուան ընթացքին նախագահական հիմնարկը բախում ունեցած  է: Որպէս օրինակ, Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձած է Սահմանադրական դատարանի դատաւորի ընտրութեան հարցին, դիտել տալով, որ այժմու օրէնսդրութեամբ Հանրապետութեան նախագահը կ’առաջադրէ ՍԴ դատաւորի թեկնածութիւն, իսկ կ’ընտրէ Ազգային ժողովը: Երկու տարիներու ընթացքին նախագահին կողմէն առաջադրուած են թեկնածուներ, որոնք այս կամ այն պատճառով մերժուած են նախկին եւ ներկայ Ազգային ժողովներուն կողմէն: Հետեւաբար, նախագահին ձայնը էական նշանակութիւն չունի:

Ըստ Հանրապետութեան նախագահին, որպէս մատչելի լուծման տարբերակ կրնայ ըլլալ, օրինակ, որ ՍԴ անդամներէն երեքը նշանակէ Հանրապետութեան նախագահը, երեքը` Բարձրագոյն դատական խորհուրդը, երեքն ալ` Ազգային ժողովը: