«Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն տեղեկացուցին, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ 18 Յուլիսին` ժամը 06:38-ի խոցած են հետախուզական թռիչք իրականացնող հակառակորդի ‹‹ORBITER-3›› տիպի անօդաչու թռչող սարք մը:
«ՊԲ-ի առաջապահ ստորաբաժանումները առաջնագիծին կը շարունակեն լիակատար վերահսկողութեան տակ պահել իրադրութիւնը եւ վստահօրէն իրականացնել հանրապետութեան օդային եւ ցամաքային սահմաններու պաշտպանութիւն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: