«Արմէնփրէս».-Փաշինեան ուրախութիւն յայտնեց հանդիպումին համար` դիտել տալով, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները, որոնք կը կրեն դաշնակցային, ռազմավարական բնոյթ, կը զարգանան ըստ ծրագրուածին: Ըստ անոր, 2019 թուականը եղած է շատ արդիւնաւէտ, որովհետեւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով առեւտրաշրջանառութիւնը գերազանցած է երկու միլիառ տոլարը, եւ արձանագրուած է 14 տոկոսի աճ:
Հայաստանի վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ հայ-Ատրպէյճանական սահմանային լարուածութեան: «Ես յոյս ունիմ, թէ դուք տեղեկացուած էք, որ տակաւին յայտնի չէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ, բայց ատրպէյճանական զօրքերը որոշած են գնդակոծել Հայաստանի սահմանը: Ես տեղեկութիւններ կը փոխանցեմ ձեզի այդ իրադարձութեան եւ ընթացիկ իրավիճակին մասին: Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այդ իրադարձութիւնները տեղի կ՛ունենան երրորդ կողմի հրահրման խորապատկերին եւ ատիկա տակաւին պէտք է հասկնալ ո՞վ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ հետաքրքրուած է: Կը կարծեմ` ասիկա նոյնպէս շատ կարեւոր նիւթ է, եւ մենք այսօր պիտի քննարկենք նաեւ այդ հարցը», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Ռուսիոյ վարչապետը խօսեցաւ երկու երկիրներուն յատկապէս առեւտրական շրջանառութեան մասին, որ որոշ չափով անկում արձանագրած է համավարակին ստեղծած իրավիճակին բերումով` աւելցնելով, որ մեծ յոյսեր կան, որ յառաջիկային միացեալ ջանքերով կարելի կ’ըլլայ վերականգնել բոլոր նախադրեալները:
«Մեր մշակութային, մարդասիրական, պատմական կապերը կը շարունակուին նախատեսուած ուղիով», յայտնեց ան:
Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին հայ-ռուսական տնտեսական գործակցութեան եւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր հարցեր: