«prensaarmenia».- Ուրուկուէյի Լայն Ճակատ (Ձախ-յառաջդիմական ուժերու համախմբում, ընդդիմութիւն) կուսակցութիւնը հրապարակային հաղորդագրութեամբ դատապարտեց Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ատրպէյճանական յարձակումը եւ արտայայտեց իր «մերժումը թրքական կառավարութեան այն յայտարարութիւններուն, որոնք Ատրպէյճանի յարձակումին կը զօրակցին»: Լայն Ճակատը, 17 Յուլիսին հրապարակած իր այս հաղորդագրութեամբ, դիրք ճշդեց ի նպաստ Հայաստանի:
Լայն Ճակատի ղեկավարներէն ծերակուտական Լիլիամ Քէշիշեան հարցը բարձրացուց երկրի օրէնսդիր ժողով: «Ծերակոյտի նիստին ես խոր մտահոգութիւն արտայայտեցի 12 Յուլիսէն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ իրագործուած զինուորական գործողութիւններուն համար: Այս յարձակումները Վիէննայի եւ Սան Փեթերսպուրկի համաձայնութիւնները կը բռնաբարեն եւ անկայունութիւն կը յառաջացնեն տարածաշրջանին մէջ», ըսաւ Քէշիշեան:
Արժանթինցի ծերակուտական, նախքին Արտաքին Գործոց նախարար Խորխէ Թաիանա իր կարգին Պուէնոս Այրէսի ԱՐՄԵՆԻԱ թերթին ըսաւ. «Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող բախումներուն, որոնք մարդկային կորուստներու պատճառ դարձած են: Արժանթին զօրավիգ է Մինսքի Խումբի միջնորդական գործընթացին հարցին խաղաղ լուծում մը տալու համար Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան սկզբունքներուն համաձայն: Այս գործընթացը, որուն համաձայն գտնուեցան երկու կողմերը խաթարուած է վերջին ամիսներու ատրպէյճանական յարձակողականութեան արդիւնքով:»
Ուրուկուէյի մէջ Լեռնային Ղարաբաի Ֆորումը եւս հրապարակեց յայտարարութիւն մը «Մերժելով եւ խստօրէն դատապարտելով Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի իրականացուցած զինեալ յարձակումը, կը պահանջէ հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած բռնութեան անմիջական դադրեցումը և կոչ կ’ուղղէ ամբողջական յարգանք ցուցաբերելու միջազգային իրաւունքի նկատմամբ»: «Խոր մտահոգութեամբ կը զգուշացնենք որ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու դէմ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւնները կրնան մագլցում արձանագրել եւ վերածուիլ տարածաշրջանային պայթումի: Կասկածէ դուրս է որ ատրպէյճանական յարձակումը սպառնալիք է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան նպատակադրող միջազգային հանրութեան ջանքերուն:»
Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Չիլէի, Փարակուայի եւ Փերույի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Եսթեր Մկրտումեան խօսելով տագնապին մասին ուշադրութիւն հրաւիրեց Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին ցուցաբերուած զօրակցութեան եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն: «Ատրպէյճանի պաշտպանութեան փոխ նախարարը յայտարարեց թէ պիտի ռմբակոծէին հայկական աթոմակայանը, ինչ որ իր անդրադարձը կ’ունենայ ոչ միայն Հայաստանի այլ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ, որովհետեւ աթոմակայանը Նախիջեւանի սահմանէն 70 քիլոմեթր հեռու է եւ մօտ նոյնինքն Թուրքիոյ»: