«Արմէնփրէս».- Հայ-ատրպէյճանական սահմանին 19 Յուլիսի առաւօտեան, 20-ի գիշերը, ինչպէս նաեւ այս պահուն, պահպանուած է յարաբերական անդորրը: Հակառակորդը սահմանի առանձին հատուածներուն մէջ հրաձգային զինատեսակներով 9 անգամ խախտած է կրակմարի դրութիւնը` հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակելով մօտաւորապէս 137 կրակոց: Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան: «Ճամբարակի ուղղութեամբ հաստատուած մարտական դիրքերուն վրայ. 2 անգամ հակառակորդը կիրառած է Հան-17 ձեւաչափի նռնականետ: Հայկական կողմին պատասխան կրակով հակառակորդը դադրեցուցած է կրակոցը: Չինարի, Ներքին Կարմիրաղբիւրի, Բերքաբերի եւ Բերդաւանի ուղղութեամբ հաստատուած մարտական դիրքերու վրայ. ոչ նպատակային կրակոց արձակուած է 4 անգամ: Հայկական կողմէն պատասխան կրակ չէ արձակուած: Խնձորուտի ուղղութեամբ հաստատուած մարտական դիրքեր. ոչ նպատակային կրակ արձակուած է 2 անգամ: Հայկական կողմէն պատասխան կրակ չէ արձակուած», յայտնած է Ստեփանեան: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ հակառակորդը մէկ անգամ կրակած է Պարոյր Սեւակի ուղղութեամբ հաստատուած մարտական դիրքերուն, սակայն հայկական կողմին պատասխան կրակով հակառակորդը լռած է: