Հորիզոն – Քանատայի խորհրդարանի անդամ Էմանուէլլա Լամպրոփուլոս 20 Յուլիս թուակիր յատուկ հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց Հայաստանին դէմ ատրպէյճանական սադրանքները։
Հաղորդագրութեան մէջ Լամպրոփուլոս կոչ կ՚ուղղէ դադրեցնելու ուժի գործադրութիւնը եւ դատապարտելի ու անընդունելի կը գտնէ Մեծամօրի հիւլէակայանը հարուածելու Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան սպառնալիքները։
Հայաստան-Քանատա խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Լամպրոփուլոս կողմերուն կը յորդորէ նաեւ յարգելու հրադադարը։
Յիշեցնենք՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Յաձնախումբի կոչին անսալով, Քանատայի խորհրդարանի ստորին պալատի եւ Քեպէգի եւ Օնթարիոյի խորհրդարաններու ստորին պալատներու աւելի քան 12 պաշտօնատարներ զօրակցութիւն յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան։ Անոնց կը միանայ խորհրդարանի անդամ Լամպրոփուլոս։