Թուրքիոյ բացայայտ զօրակցութեամբ, ատրպէյճանական զօրքերը դարձեալ փորձ կատարեցին ներթափանցելու հայկական հողերը, այս անգամ` Հայաստանի հիւսիսարեւելեան Տաւուշի մարզի սահմաններէն, սակայն հանդիպեցան հայկական բանակի խրոխտ դիմադրութեան եւ ետ շպրտուեցան իրենց սահմաններէն ներս, կրելով մարդկային եւ նիւթական ծանր վնասներ: Այնուհետեւ անոնք դիմեցին իրենց հարազատ ոճին` ռմբակոծելով հայկական բնակավայրեր, խաղաղ բնակչութիւն:
Պուլկարահայ համայնքային խորհուրդը խստիւ կը դատապարտէ ազերիական այս կոպիտ խախտումը եւ իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայոց ամրակուռ բանակին, որ արիաբար ու պատուով կ’ապահովէ մեր երկրին ու ժողովուրդին անվտանգութիւնը:
Սոյն կացութեան գծով, դիմած ենք Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պատկան մարմիններուն, անոնց ուշադրութեան յանձնելով մտահոգիչ այս մագլցումը, որ կրնայ հարուած հասցնել նաեւ տարածաշրջանային անդորրին, պահանջելով միջամտել եւ կատարել հարկն ու պատշաճը դիւանագիտական առումով:
Պուլկարահայ համայնքային խորհուրդ
-Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
-Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն – Սոֆիա, Պուրգաս, Վառնա, Պլովդիւ
-Հայ Օգնութեան միութիւն
-ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբ
– Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն- Սոֆիա, Պուրգաս, Ռուսէ, Շումէն
-Երեւան Մշակութային Միութիւն
-Երեւան թերթ,
– Վահան թերթ
-Բարեգործականի Ձայն

21 Յուլիս 2020
Սոֆիա