ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեանի ընկերակցութեամբ 14 Օգոստոսին, ընդունած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչները:
ԱԺ նախագահը կարեւոր համարելով ՀՅԴ ներդրումը Արցախի պետականաշինութեան ու միջազգային ճանաչման գործին մէջ, միաժամանակ յայտնած է, որ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը եւս գործուն մասնակցութիւնն ու դերակատարութիւն ունի հանրապետութեան հասարակական կեանքին ու ռազմահայրենասիրական ձեռնարկներու կազմակերպման:
ԱԺ նախագահի հաղորդումով` յառաջիկային` մինչեւ տարեվերջ, կը նախատեսեն վերստին ձեւաւորել Ազգային ժողովին կից երիտասարդական խորհրդարան: Ապագայ երիտասարդ խորհրդարանի պատգամաւորներուն թիւը պիտի համապատասխանէ 2020 թուականի Արցախի համապետական ընտրութիւններու հետեւանքով ձեւաւորուած 7-րդ Ազգային ժողովի թուակազմի գումարման:
Իր խօսքին մէջ․ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Ա․ Մոսիեան համոզմունք յայտնեց, որ երիտասարդական խորհրդարանը նոր բովանդակութիւն պիտի հաղորդէ ԱԺ գործունէութեան եւ օրէնսդրական նախագիծերու հանրային քննարկումներու տարբերակ պիտի հանդիսանայ: Այնուհետեւ ԱԺ նախագահը եւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչները հարցուպատասխանի ձեւաչափով անդրադարձած են ապագայ երիտասարդական խորհրդարանի կառուցուածքին ու գործառոյթներուն, ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցներու հետ գործակցութեան կարելիութիւններուն, կրթական համակարգէն ներս կատարուած փոփոխութիւններուն եւ կրթամշակութային ու երիտասարդական շարք մը հարցերու վերաբերող հարցերուն: