Մոնթրէալի «Հայ Հորիզոն» հեռուստածրագիրի հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան:
Հաղորդումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է վերջին շրջանին հայ ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ աղէտներուն ինչպէս մայր հայրենիքին մէջ` տաւուշեան սահմանագօտիի ռազմական գործողութիւններուն բերումով, նոյնպէս ալ Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական ծանր կացութեան եւ ողբերգական պայթումին հետեւանքով: Յատկապէս յիշած է նաեւ Սուրիոյ մէջ համավարակի նոր կշռոյթի ծաւալման հետեւանքով ստեղծուած ծանր կացութիւնը:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը խօսած է բոլոր այս ուղղութիւններով Դաշնակցութեան համաշխարհային կառոյցին կատարած աշխատանքներուն եւ իրականացուցած ընկերային-տնտեսական ծրագիրներուն մասին:
Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթով