«Երկիր».-Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Ատրպէյճանի ղեկավարութեան յիշեցուց Արցախեան առաջին պատերազմին իրենց շարքերուն մէջ հայկական կողմի դէմ մարտնչած Շամիլ Պասաեւի խօսքերը, որ իր մարտիկները հեռացուցած է Արցախէն, յայտնելով` «Ատրպէյճանցիները կռուիլ չեն գիտեր, հայերուն չես յաղթեր»: Յարութիւնեան 30 Սեպտեմբերին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին` պատասխանելով հարցումին ըսաւ, թէ ինչպէս պիտի վերաբերի Ատրպէյճանի կողմէն վարձկաններու կռուելու փաստին:

«Այդ հարցին ճիշդ պատասխանը տուած է չեչենական դաշտային հրամանատար Շամիլ Պասաեւը, որ սա իրենց պատերազմը չէ: Իրականութեան մէջ, Շամիլ Պասաեւը շատ ծանր կորուստներ  կրած է արցախեան հատուածին մէջ եւ ոչ միայն, որեւէ երկրի վարձկանները տակաւին օգուտ չեն տուած, պէտք է հասկնայ նաեւ Ատրպէյճանի ժողովուրդը», ըսաւ Յարութիւնեան:

Վարձկաններուն Թուրքիան  տեղափոխած է Ատրպէյճան, արձագանգելով հակամարտութեան Թուրքիոյ ներգրաւուած ըլլալու մասին հարցին, Արցախի նախագահը յայտնեց, որ այդ պետութիւնը արդէն չի թաքցներ ամբողջատիրական իր նկրտումները:

«Մենք կը համարենք, որ տարածաշրջանի մէջ արդէն անթաքոյց իր շահագրգռուածութիւնը յայտնած է Թուրքիան եւ անոնց զինուորականներուն մասնակցութիւնը վառ ապացոյցն է»,ըսաւ Արցախի նախագահը: