«Երկիրն այսօր»ը տեսակապով զրուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ: Հաղորդման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքման անհրաժեշտութեան եւ պատերազմով թելադրուած իրավիճակին առնչուող հարցեր:

Բիւրոյի անդամը ընդգծած է, որ երկու հայկական պետութիւններու միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքը կը ներառէ նաեւ Արցախի անկախութեան ճանաչման տարրեր, որ չի կրնար միանշանակ ընկալուիլ օտար երկիրներուն՝ նաեւ Մինսքի խումբի համանախագահներու կողմէն, որոնք կոչ ուղղած են այդ ամէնուն հասնիլ բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով: