1 Հոկտեմբերին լոյս տեսած է ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի տասերորդ համարը: Բնականաբար պաշտօնաթերթը չէր կրնար շրջանցել այս օրերուն «ամենատաք» իրադարձութիւնները, Արացախի ու Հայաստանի սահմանային գօտիին  ծաւալուող պատերազմի նիւթը: Այս նիւթին նուիրուած է «Դրօշակ»ի առաջնորդողը: Հարցազրոյցի հիւրասրահի հիւրը այս անգամ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պճաքչեանն է: Պատասխանելով պաշտօնաթերթի հարցումներուն Բ. Պճաքչեան անդրադարձած է Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած աղէտէն ետք  Լիբանանի ընդհանուր կացութեան, հայութեան հարցերուն, ինչպէս եւ, աւելի լայն բանալով կարկինը, անդրադարձած է ընդհանրապէս տարածաշրջանի հարցերուն, հայութեան կացութեան, Թուրքիոյ բացասական դերակատարութեան շրջանի ներքին հարցերու մէջ եւ այլն: Չէ մոռցուած նաեւ Արցախի մէջ իրականացուող վերաբնակեցման ծրագիրը, նկատի ունենալով, որ Բ. Պճաքչեան տուեալ նախաձեռնութիւնը իրականացնող «Արի»  հիմնադրամի տնօրէններուն խորհուրդի անդամ է:

«Համազգային» կրթական եւ մշակութային միութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեան, որպէս «Դրօշակ»ի մէջ հրապարակած հետաքրքրական յօդուածաշարի եզրակացութիւն կրկին անդրադարձած է «Հայաստան-ՀՅԴ- Սփիւռք» փոխյարաբերութիւններուն, խօսած է համազգային կեանք առկայ ընելիքներուն մասին:

Պաշտօնաթերթի նոր համարով հրապարակուած է Վարդան Պետրոսեանի հայեցակարգային հակասութիւններ կամ հայագիտութեան «Հինգերորդ Շարասիւնը» յօդուածի եզրափակիչ մասը, որուն մէջ պատմալեզուաբանական տեսանկիւնէն քննուած է Ուրարտագիտութեան, Արարատեան թագաւորութեան եւ յարակից հարցերու մասին վերջին շրջանին հանրային ուշադրութեան առարկայ դարձած նիւթը:

Հայագիտութեան, ինչպէս եւ ազգային-մշակութային հարցերով նախանձախնդիր ընթերցողներուն համար հետաքրքրական պիտի ըլլայ ընթերցելը նաեւ պատմաբան Վարդան Ղանտիլեանի «ՀայոցԵկեղեցին եւ Քրիստոնէական Ազգային Արժէքային Համակարգի Ձեւաւորումը» յօդուածը:

«Պատմութեան Լուսարձակ» խորագիրի տակ ներկայացուած են Սեդօ Պոյաճեանի «Լոզանի Դաշնագիրը Չփոխարինեց Սեւրի Դաշնագիրը» եւ Անի Մելքոնեանի «Կարսի Անկումը. Պատճառներ Եւ Դասեր» ուշագրաւ յօդուածները:

«Դրօշակ»ի Հոկտեմբերի համարին մէջ ընթերցողը պիտի գտնէ այլ հետաքրքրական հրապարակումներ եւս: