ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԿԵՐԱԿՐԱՏԵՍԱԿՆԵՐ

Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնը կամ Զատիկը, որպէս տաղաւար տօն, ունի հարուստ ծիսահամալիր, որ կը ներառէ եկեղեցական արարողութիւններէն մինչեւ ժողովրդային տօնախմբութիւն։ Այս բոլորին մաս կը կազմէ նաեւ զատկական ուտեստը, որ տարուան եղանակին եւ տօնի խորհուրդին համապատասխան, կը խորհրդանշէ նոր կեանքի սկիզբը։ Մեծ պահքը կը լուծուի Նաւակատիքի ընթրիքով, որուն աւանդական ուտեստներն են հաւկիթը, ձուկը, չամիչով փիլաւը, բանջարով եւ շիրիկով (թահինով) ճաճըխը,  իսկ ըմպելիքը՝ գինին։
Ինչպէս որ հայոց աւանդական կենցաղին մէջ ընդունուած էր Բարեկենդանի աւարտին «բերանները փակել» հաւկիթով, այնպէս ալ ընդունուած էր Զատիկին «բերանները բանալ» հաւկիթով։ Աշխարհի խորհրդանիշ հաւկիթը կը խորհրդանշէ նոր կեանք եւ յարութիւն, իսկ կարմիրը՝ Քրիստոսի փրկչական արիւնը, որուն հեղումով մարդկութիւնը ազատագրուեցաւ սկզբնական՝ ադամական մեղքէն։ Նոյն խորհուրդը ունի նաեւ Զատկուան կարմիր գինին։
Ձուկը քրիստոնէութեան խորհրդանիշներէն մէկն է. առաջին դարերուն քրիստոնեաները իրարու ձուկին նշանով կը ճանչնային։ Բրինձով, չամիչով, չոր միրգերով եւ ընկուզեղէնով պատրաստուած փիլաւը նոյնպէս տօնական սեղանին զարդն է։ Չամիչն ու չիրեղէնը կը խորհրդանշեն աշխարհի քրիստոնեաները, իսկ բրինձը՝ համայն մարդկութիւնը։
Աւանդական էր նաեւ Զատիկին հացի տեսակներ պատրաստել՝ որպէս առատութեան խորհրդանիշ։
Սովորաբար Մեծ պահքէն մինչեւ Զատիկ ինկած շրջանին հաց չէին թխեր։ Ուստի Մեծ Պահքի սկիզբը այնքան հաց կը թխէին, որ մինչեւ Զատիկ բաւարար համարուէր։ Զատկուան հացը կը պատրաստէին Աւագ Հինգշաբթի։ Ժամանակին տարածուած էր յատկապէս բաղարջի պատրաստութիւնը, որ անալի, իւղով պատրաստուած խմոր է, երեսը հաւկիթի դեղնուց քսուած։ Ըստ աւանդութեան՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին բաղարջ պատրաստած ատեն հաւկիթին դեղնուցը քսելու ընթացքին իմացած է Որդւոյն մատնութեան լուրը։
Միւս կողմէ Զատկուան կարկանդակները կը պատրաստուին այլազան ձեւերով ու միջուկներով՝ ընկոյզով, արմաւով, պիստակով եւ այլն։
Հայկական տօնական սեղանի խմորեղէններէն է նաեւ գաթան, որուն վրայ կը  պատկերուին կենդանակերպի տասներկու նշանները կամ նախշազարդուած խաչը։
Աւանդական եղած է նաեւ բոլորին հիւրասիրուող մատաղը, որ անուանուած է Զատկուան ախառ, իսկ Զատկուան կիրակին՝ Ախառի կիրակի։ Համայնքին եւ եկեղեցւոյ կողմէ յարգուած անձինք նախապէս բնակչութենէն դրամ կը հաւաքէին եւ մատաղցու կը  գնէին։  Կիրակնօրեայ տօնական Սուրբ Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ բակին մէջ կը կատարուէր ախառի ճաշակման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Ախառը եփած կ’ըլլար նախորդ գիշերուան ընթացքին եւ կը բաժնուէր ներկայ բոլոր ժողովուրդին։ Ժողովրդային մատաղին նպատակը եղած է գալիք տնտեսական տարուան բերրիութիւնը ապահովել։
Քաղուած՝
Յասմիկ Աբրահամեանի ուսումնասիրութենէն
Յ. Ա. ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան համալսարանի գիտաշխատող է։
***

ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԿԱՐԿԱՆԴԱԿ (ԱՐՄԱՒՈՎ)

Բաղադրութիւն
3 գաւաթ ալիւր
200 կրամ կարագ
2 հաւկիթ
1 սուրճի գաւաթ ձէթ
2 ապուրի դգալ շաքար
Կէս գաւաթ հեղուկ կաթ
2 թէյի դգալ փխրեցուցիչ (B.P.)
Կէս թէյի դգալ թթխմոր
Կէս թէյի դգալ աղ
Միջուկին համար
600 կրամ առանց կորիզի արմաւ
Կէս գաւաթ մանրուած ընկոյզ
2 ապուրի դգալ կակուղցած կարագ
Պատրաստութիւն
Թթխմորը  կէս սուրճի գաւաթ գաղջ ջուրին մէջ լուծել եւ սպասել, որ թթուի։ Ապա չոր բաղադրիչները խառնել, ապա՝ հեղուկները եւ աւեցնելով թթխմորը շաղել։ Կէս ժամ ձգել, որ խմորը հանգչի, ապա միջակ գնդիկներու վերածել զայն, իւրաքանչիւրը երկայնքին ոլորել եւ տափակցնել, ետքը մէջը դնել միջուկէն ու ոլորել, դանակով կտրել շեղակի ձեւեր տալով ու փուռի ափսէին մէջ շարել։ Վրան քսել քիչ մը վանիլով խառնուած հաւկիթի դեղնուց եւ ապա շուշմայ ցանել ու եփել միջակ տաքութեամբ՝ նախ տակը, ապա նաեւ վրան կարմրցնելով։