Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով ամիսներ դադրելէ ետք, Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանէն առաջին թռիչքը տեղի ունեցաւ 1 Հոկտեմեր 2020-ին, դէպի Գահիրէ 130 ճամբորդ փոխադրելով: Քաղաքային Թռիչքի Հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Պասեմ Մանսուր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ միջազգային օդակայանը բանիլ սկսաւ սուրիական կառավարութեան որոշումով, օդակայանի անձնակազմը որդեգրեց նախազգուշական բոլոր միջոցները՝ ճամբորդներուն ապահովութեան համար: Մանսուր յայտնեց, որ օդակայանի վերաբացումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ երկրին տնտեսութեան վրայ, շեշտելով, որ Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանէն ընթացքին արժեւորումէն ետք, Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Գամիշլիի օդակայաններն ալ բանիլ պիտի սկսին: Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանի տնօրէն Նիտալ Մուհամմետ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է որ ճամբորդները դնչակապ օգտագործեն եւ սպասման սրահէն ներս իրարմէ հեռաւորութիւն պահեն: Ան յայտնեց, որ այլ երկիրներէ օդակայան ժամանած ճամբորդները պէտք է պսակաձեւ ժահրը յայտնաբերող PCR-ի քննութեան ենթարկուին: