Երեքշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ Աբխազիոյ դեսպանատան վերաբացումը, ներկայութեամբ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմի եւ աբխազական կառավարական պատուիրակութեան: Այնուհետեւ Աբխազիոյ ազգային դրօշը բարձրացաւ դեսպանատան վրայ։ Բացման արարողութեան ընթացքին, Մուալլէմ իր ուրախութիւնը յայտնեց այս առիթով, ինչպէս նաեւ աբխազական պատուիրակութեան Սուրիա այցելութեան համար: Ապա կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման միջոցներուն շուրջ։ Մուալլէմ դիտել տուաւ, որ դեսպանատան վերաբացումը պիտի հանդիսանայ երկու երկիրներուն գործակցութեան խթանը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ իրենց դեսպանատուները փակող երկիրները պիտի խրախուսէ վերաբանալու իրենց դեսպանատուները։ Իր կարգին Աբխազիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ալխաս Քվէթսինիա Ալեքսիվիճ իր ներկայացուց երկու երկիրներուն պատմական յարաբերութիւնը, սկսեալ 2018-էն, երբ Սուրիա եւ Աբխազիա ստորագրեցին այլազան ոլորտներու մէջ գործակցութեան համաձայնագիր մը։ Ան շեշտեց, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնը պիտի զարգանայ գործակցաբար եւ փոխադարձ յարգանքով։