ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան 7 Հոկտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ․ «Քանի տակաւին Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութէան նախարարութիւններու կողմէն պաշտօնական յայտարարութիւններ չկան, ես չեմ կրնար մեկնաբանել, ո՛չ հերքել, ոչ ալ հաստատել: Այսօր շատ բուռն մարտեր  ընթացած են: Ատրպէյճանական զօրքերէն  մեծ խումբ մը պարտութիւն  կրած է, երեք զինուորական պահեստ ոչնչացուած է: Այս ամէնէն վերջ ամէն ինչ կրնայ ըլլալ»: