Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի փոխքաղաքապետ Կարօ Խաչիկեան իր «Թուիթըր»ի էջով յայտնած է, որ Ալֆորվիլի Քաղաքային Խորհուրդը միաձայնութեամբ քուէարկած է Ֆրանսայի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման ի նպաստ:

Որոշում գոյացած է նաեւ Ալֆորվիլի կողմէ նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու Արցախի հայ բնակչութեան: