«Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի հայ համայնքը բազմամարդ բողոքի ցոյց կատարած է Փարիզի Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ` դատապարտելով Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի դէմ սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմին Ատրպէյճանին ցուցաբերուող աջակցութիւնը:  Փարիզի մէջ բնակող հայ լրագրող Էլլատա Ղուկասեան յայտնեց, որ սա Փարիզի մէջ երկրորդ բողոքի ցոյցն էր, իսկ առաջինը կազմակերպուած էր Ատրպէյճանի դեսպանատան մօտ:
Էլլադա Ղուկասեան ըսաւ, որ ցոյցին մասնակցած է մօտաւորապէս 2 հազար մարդ, որոնց մէջ կային նաեւ ֆրանսացիներ, որոնք Արցախեան հարցին մասին տեղեկացած են իրենց հայ ընկերներէն:
Ֆրանսայի հայ համայնքի կողմէն Փարիզի մէջ յաջորդ բողոքի ցոյցը նախատեսուած է իրականացնել խորհրդարանի շէնքին դիմաց` պահանջելով ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը: