«Երկիր Մետիա«.-Հոլլանտայի Քրիստոնէա-Դեմոկրատական կուսակցութեան փոխնախագահ, խորհրդարանի պատգամաւոր Փիթըր Օմզիխտ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն համար այդ երկրի նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու կարելիութեան մասին հարցադրումով դիմած է Հոլլանտայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆ Պլեքին:
Պատգամաւորը ընդգծած է, որ Թուրքիան Սուրիայէն ճիհատիսթներուն տեղափոխած է ԼՂ հակամարտութեան գօտի, կիրառած է ֆոսֆոր պարունակող զինատեսակներ: «Այսպիսով, ես կ’ուզէի հարցնել` արդեօ՞ք կառավարութիւնը կը փափաքի պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի նկատմամբ` բռնութիւնները եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումները չդադրեցնելու պարագային:
Կ’առաջարկեմ Քիմիական զէնքի արգելման կազմակերպութեան` պաշտօնական հետաքննութիւն սկսիլ ֆոսֆորի օգտագործման մասին, որ միջազգայնօրէն, իսկապէս, արգիլուած է», ըսած է ան:
Պատգամաւորը ՄԱԿ-ին յորդորած է ԼՂՀ օդային տարածքը յայտարարել ոչ թռիչքային գօտի եւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական ազգաբնակչութեան տրամադրել մարդասիրական օգնութիւն:
Ան աւելցուցած է, որ ըստ Genocide Watch-ի Գրեգորի Սթանթօնի` Լեռնային Ղարաբաղի պարտութեան պարագային ակնկալուած է ցեղասպանութիւն: «Արդեօ՞ք կառավարութիւնը մտադիր է պաշտօնապէս դիմել ՄԱԿ-ին` ցեղասպանութեան հետաքննութիւն սկսելու համար: Հակառակ, ըստ մեր տեղեկութիւններուն, ցեղասպանութիւն որպէս այդպիսին տակաւին չկայ, սակայն, սպառնալիքը առկայ է: Իրավիճակը պարզապէս չափազանց լուրջ է», եզրափակած է Օմզիխթ: