«Արմէնփրէս».- Իտալիոյ Լոմպարտիոյ տարածաշրջանի Տարածքային խորհուրդը ձայներու մեծամասնութեամբ ճանչած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Տարածքային խորհուրդի անդամ Միշել Ուսուելին դիմատետրի իր էջին վրայ յայտնած է.
«Լոմպարտիան Եւրոպայի առաջին տարածաշրջանն է, որ աջակցած է Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման: Մեր նպատակն էր: Առաջարկութիւնը ընդունուած է Լոմպարտիոյ Տարածքային խորհուրդի ձայներու մեծամասնութեամբ»,  գրած է ան:
Ուսուելին աւելցուցած է, որ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը կրնայ պայմաններ ստեղծել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ իրական ու ընդգրկուն խաղաղ բանակցութիւններու համար:

Մասսիմիլիանօ Ֆլորիանի