«Արմէնփրէս».- Արցախի ճակատային գիծի բոլոր հիմնական ուղղութիւններով 6 Նոյեմբերին գիշերը եւ 7-ի առաւօտը մարտական գործողութիւնները շարունակուած են: Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կը տեղեկացնէ, որ առաւել յամառ ու ուժգին մարտեր ընթացած են Շուշի-քարին տակ հատուածին մէջ: Բանակային ստորաբաժանումները յաջողութեամբ կասեցուցած են թշնամական ուժերու յարձակման բազմակի փորձերը` ոչնչացնելով մեծ քանակութեամբ մարդկային ուժ:
«Նշուած ժամանակահատուածին մէջ առանձնայատուկ արդիւնաւէտութեամբ նկատելի եղած են յատկապէս ՊԲ հրետանային ստորաբաժանումները: Ներգործող-մարտավարական իրադրութիւնը ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններուն մէջ մնացած է անփոփոխ: Անփոփոխ մնացած է նաեւ մարտական գործողութիւններուն զուգահեռ հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերը հրթիռահրետանային կրակով թիրախաւորելու` թշնամական ուժերու մարտավարութիւնը: Հարաւ-արեւելեան եւ հարաւային ուղղութիւններուն մէջ ՊԲ ուժերու կողմէն խոցուած է նաեւ թշնամական ուժերու անձնակազմ տեղափոխող 2 միաւոր ինքնաշարժային ճարտարագիտութիւն եւ 4 ԱԹՍ:
Թշնամական ուժերու կողմէն յարձակման փորձերը հիմնական ուղղութիւններով շարունակուած են: ՊԲ ստորաբաժանումները անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններ իրականացուցած են կասեցնելու, հակառակորդի խմբաւորումներու յայտնաբերման եւ կրակային խոցման ուղղութեամբ», յայտնած են Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութենէն: