«Արմէնփրէս».- Արցախի խաղաղ բնակավայրերուն մէջ 6 Նոյեմբերին գիշերը, 7 Նոյեմբերի լոյսը համեմատաբար հանգիստ եղած է:
Արցախի Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութենէն տեղեկացուցած են, որ «Կէսգիշերէն վերջ, Շուշիէն բացի, Ստեփանակերտի եւ միւս քաղաքներուն մէջ յարաբերական հանգիստը պահպանուած է: Բերդաքաղաք Շուշին պարբերաբար ենթարկուած է հրթիռակոծութեան», յայտնած են ԱԻՊԾ-էն: