«Էրմէնիհապեր».-Թրքական պետական պատկերասփիւռի կայանը, ուղիղ սփռումով ներկայացուցած է պատերազմական վերջին զարգացումները Արցախի մէջ եւ աննախադէպ «վրիպում» մը թոյլ տուած է` դուրս գալով թուրք-ատրպէյճանական քարոզչական կեղծիքէն: Թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան նկատած է եւ ընկերային ցանցի իր ընկերներուն հետ բաժնեկցած է այդ տեսագրութենէն վերցուած լուսանկար մը:  Զրոյցին ընթացքին պաստառին վրայ յայտնուած գրութեան մէջ թրքերէնով նշուած է . «Ատրպէյճան կը յարձակի քաղաքացիական անձերու վրայ /Azerbaycan sivillere saldırıyor/: Նշեալ դրուագը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է թրքական մամուլի եւ ընկերային ցանցերու մէջ: Համացանցի կայքերու մէջ թուրք օգտատէրերը նոյնպէս իրենց վրդովմունքը յայտնած են` այս դիպուածը համարելով խայտառակութիւն: Դէպքի առնչութեամբ թուրք օգտատէրերը յիշած են նաեւ պետական պատկերասփիւռի ընկերութեան կողմէն նախապէս թոյլ տրուած նմանատիպ «սխալները»: Այսպիսով թրքական պետական պատկերասփիւռային ընկերութիւնը արցախեան պատերազմի այս ողջ ընթացքին առաջին անգամ, թէեւ պատահաբար, ներկայացուց ճշմարտութիւնը, որ խիստ վրդովեցուց թուրք հասարակութիւնը: