«Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութենէն յայտնած են, որ Արցախի խաղաղ բնակավայրերուն մէջ, Ստեփանակերտէն բացի, 8 Նոյեմբերի գիշերը եւ 9-ի առաւօտը պահպանուած է յարաբերական հանգիստը:
«Թշնամին կէսգիշերէն վերջ քասեթային հեռահար քանի մը  հրթիռ արձակած է Ստեփանակերտի ուղղութեամբ, վնասուած են քաղաքացիական ենթակառոյցները: Տուժածներ`մայրաքաղաքի մէջ չկան:
Արցախի միւս բնակավայրերուն մէջ գիշերը  համեմատաբար հանգիստ անցած է», յայտնած են ծառայութենէն: