«Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար, գեներալ-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովի եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի առաքելութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչ Փասքալ Եունտի հետ քննարկած է զոհուածներու մարմիններուն փոխանակման համար անհրաժեշտ գործողութիւններու իրականացման որոշ մանրամասնութիւններ:
«Հրադադարի վարչակարգի վերահսկման նպատակով Արցախ ժամանած ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար, գեներալ-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովի եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի առաքելութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչ Փասքալ Եունտի հետ այսօր քննարկած ենք զոհուածներու մարմիններուն փոխանակման համար անհրաժեշտ գործողութիւններու իրականացման որոշ մանրամասնութիւններ:
Իմ պատրաստակամութիւնս յայտնած եմ առաւելագոյնս աջակցելու մարդասիրական այդ կարեւոր առաքելութեան արագ իրականացմանը», գրած է Յարութիւնեան: